Հալալ կաթ
Գնացքը կը սուրար:Կանաչ արօտավայրերը, ծառերը կը թեքուէին,կը շրջէին գլխապտոյտ արագութեամբ խառնուելով ժայռերու բեկորներուն, հատ ու կենտ տուներուն: Արեւի մայր մտնող նարնջագոյն սկաւառակը հորիզոնին վրայ երեկոյեան խնճոյքի բոցը կը հրահրէր:
Ազատ նայուածքը փախչող արօտավայրերէն անջատելով սեւեռած էր հորիզոնի բոցին: «Հիանալի մայրամուտ է» մտածեց, թարթեց աչքերը ու նայեցաւ շուրջը,կողքին հաստլիկ մարդուկը գլուխը ուսին թեքած կը մրափէր,դիմացը ակնոցաւորը մխրճուած էր թերթին էջերուն մէջ, անոր կողքին նստած էր արեւի սեւ ակնոցներ հագած աղջիկ մը, մազերուն առատ շագանակագոյն խոպոպիկները թափած էին ուսերէն վար,ցցուն մանրիկ քթիկը հազիւ կը տեսնուէր ակնոցին տակէն, իսկ բերանը կերասի նման փոքրիկ ու կարմրուկ էր,անոր շրթներուն վրայ գաղտագողի ժպիտ մը գծագրուեցաւ:
«Իսկական գեղեցկուհի, հաստատ երկնագոյն են աչքերը» մտածեց Ազատ,նայուածքը կրկին գնացքի պատուհանէն դուրս նետեց, դէպի կապուտակ երկինքը, ուր ամպի ծուէններ կը լողային հանդարտ, սկաւառակը կը սուզուէր,բոցի լեզուներ կը ճիւղաւորուէին:
Հանեց ծխախոտի տուփը, դիմացի ակնոցաւորը կիտեց աչքերը,այո իրաւունք ունէր ան, խցիկին մէջ կարելի չէր ծխելը,մէկ ոստումով անցաւ միջանցք, պատուհանը կիսաբաց էր:
Վառեց ծխախոտը, ծուխի բարակ թել մը դուրս փախաւ պատուհանէն անհետանալով աղջամուղջին մէջ ....Հորիզոնին վրայ արեւը մայր մտած էր,միայն ամպի պատառիկներ հաւասար սալիկներու նման քով-քովի շարուած կը փայլփլէին:
« Երկրի ճանապարհը թէ յարդագողի » մտածեց Ազատ,այս պատկերը պէտք է նկարել «Վահագն»ի սլացող կերպարանքին հետ, արդէն պատրաստ էին ցուցահանդէսի ներկայացուելիք իր կտորները,այս մէկն ալ լաւ մտայղացում էր:
Ուսին վրայ թեթեւ հպում զգաց,շագանակագոյն խոպոպիկներով գեղեցկուհին էր:
- Կրակ կրնա՞մ ունենալ,- ըսաւ ան ռուսերէն:
Աչքերը մեղրագոյն էին,այսպէս առանց ակնոցի անոր հմայքը գերազանց էր,երբ մօտեցաւ պատուհանին վառած ծխախոտը մատներուն մէջ, հովը ներխուժեց, խլեց շքեղ խոպոպիկները,Ազատ առաջ անցաւ ու մեծ դժուարութեամբ փակեց պատուհանը:
- Ափսոս են մազերդ,շատ գեղեցիկ են, չեմ թողուր, որ հովը խաղայ անոնց հետ,- ըսաւ Ազատ տարուած:
-Բանաստեղծ ե՞ս,-ժպտաց աղջիկը: Ակռաները անթերի շարուածք ունէին,մարգրիտներու նման կողք- կողքի դասուած:
- Չէ,գեղանկարիչ եմ,-պատասխանեց Ազատ:
- Օ՜, ես ալ նկարչական դասընթացքներու կը հետեւիմ,- խօսեցաւ աղջիկը մտերմիկ:
- Դուն բնորդուհի (մօտէլ) պէտք է ըլլաս,ես շատ մեծ գոհունակութեամբ կը նկարէի քեզ,- խանդավառ խօսեցաւ Ազատ:
- Հա՜, դէմ չեմ, բայց նկարչական դասընթացքի հետեւիլս ամենայնդէպս ատոր արգելք չըլլար,- պատասխանեց աղջիկը ծխախոտին ծուխը դուրս տալով:
- Չերթաս,հիմա կու գամ, - ըսաւ Ազատ ու վազեց դէպի գնացքի խոհանոցը, երբ երկու գաւաթ գարեջուրով կը դառնար, նկատեց, որ աղջիկը կը մարէր ծխախոտը ոտքին տակ ճզմելով:
- Ո՞ւրկէ կռահեցիր որ գարեջուր կը սիրեմ,- հարցուց աղջիկը:
- Այդ արդէն իմ մասնագիտութիւնն է,- ծիծաղեցաւ Ազատ:
- Պիւֆէթի մատակարար կ'աշխատի՞ս,- կատակեց աղջիկը:
- Չէ գեղեցիկ աղջիկներու մատակարար,- Ազատ խոնարհելով գաւաթը երկնցուց աղջկան:
- Շնորհակալութիւն,շատ կնամեծար ես,- ըսաւ աղջիկը նազանքով խոշոր ումպ մը կուլ տալով,- դէպի ո՞ւր կը ճամբորդես:
- Լենինկրատ, նկարներս ցուցադրելու,անկէ Իտալիա աւելի մեծ ցուցահանդէսի մասնակցելու,- մանրամասնեց Ազատ գոհունակութեամբ:
- Օ՜, Իտալիա երանելի ես,շատ կը փափաքէի այցելել Իտալիա, ափսոս, իմ ճամբորդութիւնս Լենինկրատի սահմանին կ'աւարտի,- գեղեցկուհիին աչքերուն մէջ տխուր կայծ մը փայլեցաւ:
- Ճամրուկիս մէջ կրնամ փոխադրել քեզ մինչեւ Իտալիա,իսկ հոն չեմ գիտեր ինչպէս կարելի է պաշտպանել գեղեցկութիւնդ մաֆիայի ճանկերէն,- պատասխանեց Ազատ:
- Նաև վարպետ հաճոյախօս ես,- ըսաւ աղջիկը կրկին ումպ մը առնելով,- կը փափաքէի տեսնել նկարներդ, ո՞ր սրահին մէջ պիտի ցուցադրուին:
- Թանգարանին կից վաղը ժամը 4-ին ցուցահանդէսի բացումն է, կը սպասեմ քեզի,- խօսեցաւ Ազատ ոգեւորուած:
- Անպայման կու գամ, յաջողութեանդ կենացը,- ըսաւ աղջիկը գաւաթը բարցրացուց, մօտեցուց շրթներուն ու պարպեց վերջին ումպը: Անոր մարմարակերտ ձիւնէ-սպիտակի մատները, խնամուած,սրածայր եղունգները, ազնուական տեսք ունէին:
- Շնորհակալ եմ, սպասէ գաւաթները նորոգեմ, - ըսաւ Ազատ:
- Անհոգ եղիր, ներս չեմ երթար, խցիկը անտանելի է,մէկը կը խռկայ,միւսը քիթը տնկած կը կարդայ,- ըսաւ աղջիկը ծիծաղելով:
Ազատ վերադարձին աղջկան գտաւ պատուհանին առջեւ խորասուզուած, դիւթիչ էր անոր պատկերը, պահ մը կանգ առաւ ու կլանուած դիտեց ..յետոյ մօտեցաւ ու գաւաթը երկարելով հարցուց:
- Լենինկրատէն ե՞ս:
- Ոչ,- աղջիկը ուսերը թափ տուաւ,մայրս ազգականներ ունի հոն,քիչ ետք պիտի գան զիս դիմաւորելու:
- Օ՜,այդքան շուտ պիտի բաժնուինք,- ափսոսանքով դուրս տուաւ Ազատ:
Աղջկան աչքերուն մէջ շողը փայլեցաւ,ան գաւաթը մէկ կողմ դրաւ,աչքերը փակեց ու փարեցաւ Ազատին:
- Քիչ առաջ երբ պիւֆէ գացիր ես ալ նոյնը կը մտածէի,- շշնջաց Ազատի ականջին:
Շունչը տաքուկ էր, զգլխիչ,տաքութիւնը ելեկտրական հոսանքի արագութեամբ քալեց տղուն երակներուն մէջ, խախտեց սրտի զարկերը,շնչառութիւնը:
Գարեջրի ու կեռասի խառն համերը գինովցուցին զինք, ընկերուհիներ ունեցած էր,շատ-շատերը գրկած ու համբուրած,նոյնիսկ աւելին, բայց այս գլխապտոյտը չէր ապրած:
- Ըսէ, դուն երկնքէն իջած հուրի ես թէ իսկական աղջիկ,- շոյեց անոր մետաքսէ մազերը:
- Երկուքը միասին,- փսփսաց աղջիկը աւելի սեղմուելով անոր:
Գնացքի սուլոցը ու անիւներու դանդաղացումը արթնցուց զիրենք:
- Կայարան կը մտնենք,- ըսաւ աղջիկը խոպոպիկները յարդարելով գրպանէն դուրս բերած փոքր հայելիին մէջ,յետոյ շրթնաներկը վարպետութեանբ սահեցուց շրթունքներուն վրայէն, անոնք աւելի ցայտուն ու ցանկայարոյց դարձան:
- Իսկական գեղեցկուհի ես, վաղը անպայման պիտի տեսնեմ քեզ,- խօսեցաւ Ազատ հմայուած:
-Այո անպայման կը տեսնուինք,ահաւասիկ մօրաքրոջս զաւակները կը սպասեն հոն,- ըսաւ աղջիկը ցուցամատը համբուրելով ու Ազատի շրթունքին փակցնելով,- սա հեռախօսիս համարն է, ցտեսութիւն:
- Իսկ անունդ գեղեցկուհի ..- հասցուց հարցնել Ազատ փութացող աղջկան:
- Այիշէ ..
« Այիշէ ..խոշ կալտըն»... վարէն բացականչեցին ու թափահարեցին զայն դիմաւորող ազգականները:
* * *
Գնացքը խռմփալով կանգ առաւ, Ազատի ականջներուն մէջ պայթումները, որոնք մօտ մէկ տարիէ թմբիրի պահեր կ'ապրէին, ահաւասիկ թնթացին, գարեջրի գաւաթը ամուր սեղմած ձեռքերուն մէջ, մոմէ արձանի նման կանգնած մնաց պատուհանին առջեւ:
Հազար զոհողութիւններով հազիւ ձեռք բերած արուեստանոցը փակելով հասած էր «երկիր», իրեն ծանօթ տղաքը անճանաչելի դարձած էին,երկար մօրուքներով,խրիւ մազերով,հիւծած բայց խանդավառ... ուրիշներ ալ կային, հիանալի մատղաշ պատանիներ,բերաններուն մէջ մօր կաթի հոտով ու համով..անոնցմէ մէկը, Հայկոն կողքին էր,առաջ նետուեցաւ ոգեւորութեամբ ու... կրծքէն հոսող արիւնը կաս-կարմիր էր,ան նոյնիսկ չհասաւ ճչալու,միայն աչքերը աղիողորմ նայուածքով մը սառած մնացին, յետոյ ինկաւ Վահիկը, Արայիկը:Աղաւնին կը վազէր օգնութեան, կռուի այդ թէժ պահուն ոչ մէկուն կարելի էր օգնել: Գնդակը սուրաց ականջին մօտէն եթէ Աղաւնին զգուշացուցած չըլլար,երկվարկեանի հարց էր: Ի՜նչ աղջիկ էր ան,մէկ տարեկան երեխան հիւանդ մօրը խնամքին յանձնած՝ եկած էր ամուսնոյն հետեւելու: Փսփսուքով կը խօսէին,որ ամուսինը պատանդ ինկած էր ազերիներուն ձեռքը եւ ի՞նչ կարելի էր սպասել անկէ անդին ... Աղաւնին տակաւին յոյսը չէր կտրած,կը քալէր ազատամարտիկներու այս խմբակին հետ օգնելով բոլորին,պէտք եղած ատեն զէնք բարձրացնելով:
- Մանուէլը ազդանշան կու տայ,պէտք է քաշուինք տղա'ք,- Աղաւնիին ձայնն էր կողքէն:
Յաջորդ վայրկեանին ան գետինն էր ծունկէն վիրաւորուած:
-Ինկած տղաքը գազաններուն ձեռքը չմնան, տա'րէք, ես կը քաշկռտուիմ, անհոգ եղէ'ք,- կը ճչար Աղաւնի:
Սկսան նահանջել, Հայկոյին գտնել անկարելի էր... միւս երկու տղաքը վերցուցին: Աղաւնին ծունկը բռնած կը սողար, նետուեցաւ, գրկեց զայն ու վազեց կարկուտի նման տեղացող կապարներուն մէջէն: Աստուած օգնեց:
Խմբապետ Մանուէլը իրիկունը հաւաքեց զիրենք:
- Մեր ուժը մեր հաւատքին մէջ է տղա'ք, թշնամուն թիւը մեծ է, մեզմէ շատ աւելի զինամթերք ունին, բայց հայրենիքի սրբութեան հանդէպ անոնց ունեցած հաւատքը տկար է,գայլի նման արիւնարբու են,երախները տնկած կը մօտենան, կ'ուզեն հոշոտել բայց մէյ մը որ յուսալքուին,կը փախչին ամէն ինչ ձգած,վաղ առաւօտեան պիտի անցնինք անակնկալ յարձակումի, Աստուծոյ օգնութեամբ պիտի յաջողինք,ուշադիր եղէք տղաք անոնց զինամթերքը մեզ պէտք է:
Արեւածագին գիւղը արդէն գրաւած էին, ոգեւորութեամբ կը յառաջանային,թշնամին խելակորոյս կը փախչէր....
* * *
Աղաւնիին հանդիպած էր Տէրեանի վրայ քանի մը շաբաթ առաջ, կը կաղար, պատերազմի շրջանէն աւելի հիւծած էր, կարծես տասը տարով մեծցած,չճանչցաւ, անտարբեր պիտի անցնէր եթէ ան չմօտենար:
- Գործազուկ էի,աշխատավայրս արդէն փակուել էր, հազար ու մի տեղ գլուխ զարկել եմ, ասում էին յետոյ ինչ որ կռուել ես,ազատամարտիկի այրի ես, մի ջնջին նպաստ տուեցին..ու վերջ: Խանութները քսան տարու սազական աղջիկ են փնտռում էլի,ես այս ոտով,երեխաս սոված...Ազատ ջան, գազանները Վաղոյիս գլխատել են պատկերացուր, արցունք էլ չմնաց .. մենք էս տզրուկները աթոռների վրայ բազմեցնելու համար զոհողութիւններ առել ենք նահատակներ տուել ...Չէ հայրենիքին հալալ ըլլայ ...ինձ սխալ չհասկանաս,- անսպասելի արագ կը խօսէր ան:
Ձեռքը կոխեց գրպանին մէջ,« վերնիսաժ »էն կու գար բաներ մը ծախած էր:
- Սա Կարէնիկին, ասա Ազատ քեռիէն է,- մեկնեց գրպանի փողը:
- Չէ, ինձ չհասկացար հիմի րէստորանի մը խոհանոցում աշխատանք եմ գտել եոլա գնում ենք,- կտրուկ մերժեց ան:
Աղաւնին գեղեցկուհի չէր, բայց մաքուր, վեհանձն, ադամանդի պէս սիրտ ունէր:
Իսկ «Այիշէ»ն ... մօրը պատմած մէկ հեքիաթը յիշեց,գեղեցկուհիի կերպարանքով վհուկը կը մօտենար հերոսին,այն պահուն երբ հերոսը արդէն տարուած էր .... վհուկը իսկական պատկերը կը վերագտնէր:
Ճամբորդները խցիկներէն դուրս խուժելով կը հեռանային, «Այիշէ»ի երկարած թղթիկը կ'այրէր մատները, ճզմեց զայն շպրտելով «Այիշէ»ի ծխախոտի մնացորդի կողքին ու վազեց դէպի խոհանոց գաւաթները յանձնելու.. .
Գնացքը պարպուած էր,վերցուց ճամրուկները ու վար իջաւ,կայարանը ամայի էր, հաւաքարար կինը աչքին պոչով կը զննէր զինք դանդաղօրէն աւլելով յատակը:Մօտեցաւ աղբի թիթեղին ու ծխախոտը մարելով նետեց մէջը, կինը ժպտաց ցոյց տալով ակռաներուն ցանցառ, փտած շարքը, ուզեց ծխախոտ մը հրամցնել անոր, բայց գլուխը կախելով հեռացաւ:
Կոկորդը խցուած էր,պանդոկի պարէն վոտքայի շիշ մը վերցուց, ճամրուկները նետեց սենեակի դրան ետեւ,մէջը բան մը կ'եռար,նկարելու պահանջքն էր... լարեց կտաւը ու խառնեց գոյները,վրձինի արագ հարուածներուն տակ կ'ուրուագծուէին գեղեցիկ մեղրագոյն աչքերը,քթիկը,ցցուն շրթները, շքեղ պարանոցը,անոնք իրարմէ անջատ եւ իրար ամբողջացնող շղթայի նման կը հիւսուէին,անոնց ետեւը շուքին մէջ վհուկի այլանդակ կերպարանք մը կը տեսնուէր, աջին պատուհանին մօտ գարեջրի գաւաթ բռնած ձիւնէ-սպիտակ մատներով կանացի ձեռք մը կար, վարը գեղեցիկ սրունք մը, պատուհանէն անդին հորիզոնին վրայ արեւի մայր մտնող նարնջագոյն սկաւառակն էր:
Նետուեցաւ բազկաթոռին ու շիշը մօտեցուց բերնին,երկար ումպերը յաջորդեցին իրարու,յանկարծ ոտքի ցատկեց, շագանակագոյն մազի խոպոպիկները պէտք է դուրս ժայթքէին պատուհանի բացուածքէն ..
Լոյսի առատ փունջ մը մխրճուեցաւ աչքերուն խորը, նայեցաւ շուրջը, բազկաթոռին վրայ էր,պատի ժամացոյցը ժամը 4.3Օ ցոյց կու տար, շփեց ճակատը: Վոտքայի շիշը պարապ կը հանգչէր սեղանիկին վրայ:Յիշեց,գիշերը ամբողջ աշխատած էր կտաւին վրայ:
- Բան մը պակաս է,-մրմրթաց Ազատ երերալով ոտքի ելլելով ու արուեստագէտի աչքերով դիտելով կտաւը:
Այդ գեղեցկուհիին շարժումներուն մէջ տգեղ բան մը պիտի ըլլար, այո ան ոտքին տակ կը ճզմէր ծխախոտը:
Վրձինը առաւ,գեղեցկուհիին սրունքին քով գազանի թաթ մը աւելցուց,յետոյ երկար-երկար դիտեց զայն, վրձինի կտրուկ հարուածով շքեղ պարանոցին վրայ խաչ մը զետեղեց, ապա վհուկի վզին վրայ գծեց մահիկը..«սա խաչ կրող թրքուհին է»,մտովի անուանեց կտաւը: Սաստիկ ծարաւ էր,ափը կլորցուցած ու ծորակէն ջուր խմեց, խորունկ շունչ մը քաշեց բայց «Երեւանեան» պլպլակներուն ջուրին համը ուրիշ էր: Մօտեցաւ կտաւին ու վերջին նայուածքը նետեց,աւելցնելու բան չունէր այլեւս: Գլուխը սաստիկ կը ցաւէր,նետուեցաւ բազկաթոռին վրայ:Ականջներուն մէջ արձագանգեց «Այիշէ » բառը .. պէտք է ջլատել ..պէտք է ..
Մատները գալարուեցան, սեղանին վրայէն խլեց դանակը:
Չէ .. ինք մարդասպան չէր, զէնք վերցուցած էր ու կրակած թշնամիին վրայ հանուն հայրենիքի,հանուն ազատութեան:
Ցուցահանդէսի բացման չգնաց, ուշ ատեն երբ երերալով սրահ մտաւ բարեկամ մը հաղորդեց, որ գեղեցկուհի մը զինք փնտռած էր:
* * *
Իտալացի մեծահարուստ արուեստասէր մը պատկառելի գումար մը տալով գնեց այդ կտորը:
Թարգմանիչը հարցը փոխանցեց:
- Պարոնը կ'ըսէ յատուկ հմայք ունի այս կտորը, տգեղի ու գեղեցիկի հակադրու՞մ է ..
Ազատ գլուխը շարժեց որպէս հաւանութեան նշան:Ի՞նչ բացատրէր, իւրաքանչիւր մարդ կը մեկնաբանէր իր մտայնութեամբ, իր ոճով, կարեւորը արուեստը ընկալելն էր: Մեծահարուստը պատկերը պիտի կախէր իր ապարանքին մէջ ու անտարբեր պիտի շարունակէր իր ապահով կեանքը,անոր համար փող ճարելու,ծայրը- ծայրին բերելու, տոկոսները մարելու,երկրի ապահովութեան մասին մտածելու հարցեր ընդհանրապէս չկային: «Հողատարածքը» որու համար այնքան հսկայ զոհողութիւններ ըրած էին թէեւ՝ անկախ բայց նաեւ առկախ էր:Մեծ պետութիւնները ի՞նչ կը մտածէին, ին՞չ կը դաւէին վարագոյրներու ետեւ, իսկ նաֆթ կոչուած կռուախնձորը նժարին ո՞ր կողմը պիտի թեքէր ծանրութիւնը:
- Սի- սի սենիոր,- մեծահարուստը ձեռքը սեղմելով պլպլաց:
- Պարոնը կ'ըսէ թէ ուրախ է ձեզի ծանօթանալուն,արուեստի իւրայատուկ ճաշակ ունիք, կ'ըսէ հայերը լաւ մարդիկ են, Խաչատուրեանի գործերը շատ կը հաւնի ...
Հա՜, հայերը, ըսէր այս մարդուն, որ ամօթալի բաներ շատ կը տեսնէր ինք այդ լաւ մարդոց մօտ, մի գուցէ կեանքի դժնդակ պայմաններն էին պատճառը .. ամէն պարագայի այս փողէն մաս մը Աղաւնիին պիտի տար,գիտէր ան պիտի մերժէր, ինք այս անգամ տեղի պիտի չտար,պիտի պնդէր:
«աղջի սա քո հալալ իրաւունքն է, վերցրու»:
Թէեւ պարտքեր ունէր,հազար ու մի պէտքեր, բայց ոչինչ մի բան կը դասաւորէր,ինք հալալ կաթ ծծած տղայ էր:
ՊԵՐՃՈՒՀԻ ԱՒԵՏԵԱՆ
2 6 / 7 / 2006 Հալէպ